2012-10-04 12:01:34

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց երեսուն­եօթերորդ – Գլուխ Գ.ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ`
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (3)
Հարցում թիւ 129. Ինչու՞ միայն մէկ Եկեղեցի գոյութիւն կրնայ ունենալ։
Ինչպէս որ կայ միայն մէկ Քրիստոս, նոյնպէս ալ միայն մէկ Քրիստոսի մարմին կրնայ գոյութիւն ունենալ, մէկ հարս Քրիստոսի, ուստի եւ միայն մէկ Եկեղեցի, Յիսուս­Քրիստոսի Եկեղեցին։ Քրիստոս գլուխն է, իսկ Եկեղեցին` մարմինը. Միասին անոնք կը կազմեն ամբողջական Քրիստոսը (Սուրբ Օգոստինոս)։ Ինչպէս որ մարմինը, թէեւ կը բաղկանայ զանազան անդամներէ, սակայն կը կազմէ միութիւն մը, նոյնպէս նաեւ Եկեղեցին մէկ է` ընդմէջ իր զանազան տեղական եկեղեցիներուն։ Միասին անոնք կը կազմեն ամբողջական Քրիստոսը։
Յիսուս հիմնեց իր Եկեղեցին Առաքեալներու վրայ. Մինչեւ օրս Եկեղեցին կը մնայ այս հիման վրայ։ Առաջնորդութեամբ պաշտօնէութեանը Պետրոսի, որ, ինչպէս կ՛ըսէ Իգնատիոս Անտիոքացին, կը նախագահէ սիրոյն, Առաքեալներու հաւատքը աւանդուեցաւ Եկեղեցւոյ մէջ սերունդէ սերունդ։ Նոյնպէս կարելի է ըսել խորհուրդներու մասին, զոր Յիսուս յանձնեց առաքելական դասին. Անոնք կը շարունակեն գործել իրենց սկզբնական ուժով։
Հարցում թիւ 130. Ոչ­կաթողիկէ քրիստոնեաները նաեւ մեր քոյրերն ու եղբայրներն ե՞ն։
Բոլոր մկրտեալները մաս կը կազմեն Յիսուս­Քրիստոսի Եկեղեցւոյն. Այս պատճառաւ` այն մկրտեալները որոնք ամբողջական հաղորդակցութեան մէջ չեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ, կոչուած են քրիստոնեայ եւ այսպէսով անոնք իրապէս մեր քոյրերն ու եղբայրներն են։
Անջատումները Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ մէջ` ծնունդ առած են Քրիստոսի վարդապետութեան կեղծարարութիւններէն, մարդկային սխալներէ եւ հաշտութեան անբաւարար կամքէ ­ մանաւանդ աստիճանաւոր եկեղեցականներու կողմէ։ Այսօրուայ քրիստոնեաները պատասխանատու չեն Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատմական բաժանումներուն։ Մարդկութեան փրկութեան համար` Սուրբ Հոգին կը գործէ հաւասարապէս կաթողիկէ Եկեղեցիէն բաժնուած եկեղեցիներու եւ եկեղեցական հասարակութիւններու մէջ։ Գոյութիւն ունեցող բոլոր պարգեւները, ինչպէս զոր օրինակ Սուրբ Գիրքը, Խորհուրդները, հաւատքը, յոյսը, սէրը եւ միւս բոլոր բարեմասնութիւնները, յառաջ կու գան Քրիստոսէն։ Հոն ուր կ՛ապրի Քրիստոսի Հոգին, կայ ներքին ուժականութիւն մը որ ուղղուած է դէպի ՙվերանաորոգումը միութեան՚, որովհետեւ այն ինչ որ իրեն կը պատկանի` կը ձգտի հաւաքուելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.